Հնչակեան Մտավորական ղեկավար Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան կը սաստկացնէ իր քննադատութիւնը ուղուած Հայասստանի ներկայ Իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան

Հնչակեան Մտավորական ղեկավար Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան կը սաստկացնէ իր քննադատութիւնը ուղուած Հայասստանի ներկայ Իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան
shadow
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՈՃԻՐՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Արցախի լեռներուն մէջ այսօր կը կրկնուի այն, ինչ որ տարիներ առաջ պատահեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Ջուղայի անգին խաչքարերը հողին հաւասարեցուեցան՝ աշխարհի աչքին առջեւ։ Օրին, միջազգային կազմակերպութիւնները սահմանափակուեցան անզօր հեծեծանքներով։ Այսօր, նոյն աւերիչ ձեռքը կը կործանէ Արցախի հայկական վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը եւ դարաւոր յուշարձանները, մեր մշակոյթը։

Aharon Shekerdemian

Այս իրողութիւնը այլեւս յստակ է․ արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք, Ազրպէյճան լծուած է յիշողութեան սպանութեամբ։ Մշակութային ժառանգութիւնը կը վերացուի հետեւողական ծրագիրով։ Եւ ահա, միջազգային կառոյցները դարձեալ լուռ են։ UNESCO-ի անունը կը լսուի զանազան աղմկոտ քարոզարշաւներու մէջ, բայց ո՛չ երբ հայկական ժառանգութիւնը կ՛անհետանայ։ ՄԱԿ-ի արդարութեան կոչերը կը դառնան դատարկ խօսք, երբ հայ ժողովուրդի դարաւոր գոյութիւնը կը ջնջուի թշնամիի ձեռքով։

Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք անդամակցեցան Հռոմի Ուխտին եւ իրաւասու են դիմելու Միջազգային Քրէական Դատարան, կը մնան համր։ Երբ հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութիւնը կը վերացուի, Հայաստանի ձայնը պէտք է բարձրանար Լա Հէյի դատարանէն մինչեւ Նիւ Եորքի ամպիոնները։ Սակայն այսօր այդ ձայնը չի լսուիր։ Արդարանալու տեղ չունի այս լռութիւնը: Այս լռութիւնը այլեւս չի կոչուիր դիւանագիտութիւն․ ան դաւաճանութիւն է։

Ոչ մէկ ժողովուրդ կը գոյատեւէ առանց իր յիշողութեան։ Եթէ խաչքարերը փոշիանան, կ՛ոչնչանայ նաեւ մեր պատմութեան շղթան։ Եթէ վանքերը քանդուին, փուլ կու գայ նաեւ մեր հոգեւոր աշխարհը։ Այս ահաւոր ոճիրը հրամայական է դատապարտել բարձրաձայն, այլապէս վաղը մեր սերունդները մեզի պիտի հարցնեն՝ «Ի՞նչ ըրիք, երբ հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութիւնը կը ջնջուէր»։

Անտարբերութիւնը ինքնակործանումի պիտի առաջնորդէ բոլորիս։ Ժողովուրդը, սփիւռքը, եկեղեցին եւ Հայաստանի իշխանութիւնները քայլերու պարտին դիմել, ձայն բարձրացնել՝ միջազգային ատեաններուն առջեւ, մամուլի էջերուն մէջ, հանրային բոլոր հարթակներուն վրայ։ Մեր լռութիւնը զէնք պիտի ծառայէ թշնամիին, ձայնը՝ վահան։

Հայ մշակութային ժառանգութիւնը միայն անցեալի յիշատակ չէ․ ան մեր ներկան է, մեր ինքնութիւնը, մեր ապագան։ Եւ եթէ այսօր չպահպանենք զայն, վաղը պիտի ապրինք առանց պատմութեան եւ առանց արժանապատւութեան։

Այսօր լռել, կը նշանակէ աւերակներու վրայ նստիլ վաղը։ Ձայն բարձրացնենք՝ մեր ժառանգութիւնները փրկենք ։

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus